Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յայտարարութիւն տարածած է համահայկական դրամահաւաքի հետ կապուած: Հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն կը ներկայացնեն յայտրարութիւնը ամբողջութեամբ.

«Անընդունելի ու անթոյլատրելի կը համարենք քաղաքական նպատակներ ունեցող որեւէ կազմակերպութեան կոչը` չմասնակցելու կարեւորագոյն ծրագիրներու իրականացման ուղղուած համահայկական դրամահաւաքին:

«Մենք բարձր կը գնահատենք իւրաքանչիւր անձի եւ կազմակերպութեան խօսքի ազատութեան իրաւունքը, սակայն չենք կարծեր, որ այդ իրաւունքը կիրառելու ընթացքին պէտք է անոր հիմքը դնել ուրիշին վնասելու գաղափարը, մանաւանդ որ նպատակին պիտի չհասնի: Օգտուելով ընձեռուած հնարաւորութիւնէն` եւ իբրեւ հայ, եւ իբրեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, կը դիմեմ բոլոր իրենք իրենց հայ համարող մարդոց` մէկ կողմ դրէք ձեր  կուսակցական, եկեղեցական եւ այլ պատկանելիութիւնները եւ մասնակից դարձէք «Հայաստան» հիմնադրամի հեռուստամարաթոնին:

«Լիայոյս ենք, որ կրկին բոլորս միասին պիտի կարենանք կեանքի կոչել հայրենիքի բարօրութեան ուղղուած մեր ծրագիրները»: